2014-09-26 12:48:21

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ''Ֆոքոլարինի'' եկեղեցական շարժումի անդամներուն հետ հանդիպում։


Ուրբաթ, 26 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Փրոֆ Քլաուս Շուապը` Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի հիմնադիր եւ գործադիր նախագահը, իր կողակիցի եւ պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, ապա ընդունեց Ֆրանսախօսներու միջազգային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար` Տիար Ապու Տիուֆ ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Ժամը 11.10 անց, Սրբազան Հայրը ընդունեց Ճափոնի մօտ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Ժոզէֆ Քէննոթը, հուսկ Արժանթինի ընկերային անվտանգութեան ազգային կառավարութեան գործադիր տնօրէնը` Տիար Տիէկօ Պոսսիօ, մինչ ժամը 11.45-ին Քլեմենթինա սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումին, 1-28 սեպտեմբերին, տեղի ունեցող ընդհանուր հաւաքի հինգ հարիւր մասնակիցները։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը ողջունեց ժողովականները ու անոնց վերընտրուած նախագահուին` Օրիորդ Մարիա Վոչէն ու մատնանշեց Եկեղեցւոյ աւետարանութեան նոր հանգրուանին` վկայելու Աստուծոյ սէրը ամէն մէկ անհատի, սկսեալ աղքատներէն եւ անտեսուածներէն, յոյսի, եղբայրութեան եւ ուրախութեան մէջ աճեցնելով մարդկային ուղեւորութիւնը դէպի միութիւն, ու ընդգծեց Ֆոքոլարինի շարժումի պատմական հանգրուանները սկսեալ անոր ծնունդէն, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սրտին մէջ, որպէս փոքրիկ սերմ մը, որ այժմ դարձած է ծառ մը որ իր ճիւղերը տարածած է քրիստոնեայ ընտանիքի եւ այլ կրօններու բոլոր անդամներուն վրայ որոնք յանձնառու են արդարութեամն եւ զօրակցութեան գծով, ճշմարտութեան փնտռտուքին կից։ Այս հասարակութիւնը բխած է Սուրբ Հոգւոյ` միութեան խարիզմի պարգեւէն զոր Հայրը կ՛ուզէ նուիրել Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին, նպաստելու համար Յիսուսի մարգարէական աղօթքին իրականացման ` ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'' - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու մատնանշեց Քիարա Լուպիխին, Ֆոքոլարինի շարժումին հիմնադրուհին ու անոր օրինակելի կենցաղին, խօսքը կեդրոնացնելով շարժումը յատկանշող երեք իրողութիւններու վրայ` Խորհրդածել, դուրս ելլել եւ կազմաւորել։
Այսօր աւելի քան երբեք կարիքն ունինք հայեցողականութեան, նայելու Աստուծոյ ու անոր սիրոյ սքանչելիքներուն որ Յիսուսի միջոցաւ բնակեցաւ մեր մէջ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – բացատրելով թէ հայեցողականութիւն կը նշանակէ նաեւ ապրիլ մեր եղբայր ու քոյրերուն հետ միասին, անոնց հետ կիսելով Սուրբ Հաղորդութեան եւ եղբայրութեան հացը ու միասնաբար ընթանալով դէպի Աստուած առաջնորդող դուռը։
''Ձեզ կը հրաւիրեմ հաւատարիմ մնալ ձեր հայեցողականութեան իտէալին ու յառաջդիմել Աստուծոյ հետ միութեան փնտռտուքի մէջ'', յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ու շեշտեց աւետարանութեան կարեւորութեան` որ կը նշանակէ - ըսաւ Ան - դուրս ելլել, աւետելու համար Աստուծոյ բոլորին ուղղուած սիրոյ Խօսքը որ զինք մղեց նոյնիսկ կեանքը տալու խաչին վրայ։
Իսկ վերջին բառը կազմաւորումն է, ըսաւ Քահանայապետը, յատկապէս անդրադառնալով նոր սերունդի կազմաւորումին ու մէջբերելով Քիարա Լուպիխի խօսքը թէ ''հարկաւոր է կազմաւորել, Յիսուսի հոգիով, սրտով ու միտքով այրեր ու կիներ որոնք կարողութիւնը ունենան ճանչնալու ամէն անհատի սրտին մէջ բնակող կարիքները, մտահոգութիւնները եւ յոյսերը։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց Աստուածամօր հովանիին յանձնելով շարժումի ուղեւորութիւնը, որպէսզի ընթանայ քաջութեամբ եւ յարատեւութեամբ, Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ, Սուրբ Հոգիի լոյսի ու կեանքի ճանապարհով։








All the contents on this site are copyrighted ©.